[go: up one dir, main page]

Jump to content

Ռեհան

Ռեհան

Իր անուշահոտութեամբ ծանօթ բոյս մըն է ռեհանը, որ երկու տարբերակներ ունի:

Ռեհան

Առաջինը՝ մանր տերեւներով գնթաձեւ կ'աճի եւ թեթեւ հպումով զօրաւոր բուրմունք կը տարածէ: Երկրորդը՝ աւելի մեծ տերեւներով, նոյն բուրմունքը ունի եւ յաճախ կերակուրներուն մէջ ալ կը գործածուի որպէս համեմ:

Խաչվերացի տօնին, հաւատացեալները, որպէս բարեպաշտական զգացում, ռեհանի այս երկու տեսակները ուխտաւորաբար եկեղեցի կը բերեն, որպէսզի առաւօտեան Ս․ Պատարագին Ս․ Սեղանը զարդարուի եւ երեկոյեան Անդաստանի արարողութեան՝ խաչափայտէն մասունք մը իր մէջ ունեցող ճաճանչը ռեհանով զարդարուի:


Աղբիւր

  • Ծիսական գիտելիքներ, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, էջ 184