Հինտուիզմ
Արտաքին տեսք
Հինտուիզմ, կրօն` ստեղծուած Հնդկական ենթամայրցամաքին վրայ։ Հինտուիզմի պատմական անուանումը Սանսքրիթով կը հնչէ որպէս սանաթան-տհարմա (सनातन धर्म), ինչ որ կը նշանակէ «յաւերժ կրօն», «յաւերժ ճանապարհ», կամ «յաւերժ տհարմա»:
Հինտուիզմը աշխարհի ամենահին կրօններէն մէկն է, որ արմատներով կը հասնի մինչեւ վետիական քաղաքակրթութիւն:[1] Ի տարբերութիւն այլ կրօններու, հինտուիզմը ոչ մէկուն կողմէ հիմնադրուած է :[2] Հինտուիզմի մէջ կը բացակայի ընդհանուր տոքթրինը[2][3] եւ հաւատամքի ընդհանուր կարգը: Իրմէ կը յառաջանայ տարբեր կրօնական աւանդոյթներու, փիլիսոփայական կարգերու եւ հաւատալիքներու ընտանիքը , որոնք հիմնուած են մոնոթէիզմի, փոլիթէիզմի, փանթէիզմի, մոնիզմի եւ նոյնիսկ անհաւատութեան վրայ:[4]