[go: up one dir, main page]

Jump to content

Կաւ

Կաւ

Կաւ, կերպընկալութեամբ օժտուած նստուածքային ապար, որուն մէջ կը գերակշռեն 0, 01 մմ.-էն փոքր մասնիկները։

Կերպընկալութիւնը կաւի՝ ջուրի հետ ձեւընկալ զանգուած առաջացնելու յատկութիւնն է։ Այդ զանգուածը կը պահպանէ ճնշման տակ իրեն հաղորդած ցանկացած ձեւը, իսկ թրծումէն յետոյ՝ կը ստանայ քարի ամրութիւն։ Կաւի քիմիական գլխաւոր բաղադրամասերն են՝ SiO2 (30-70%), AI2O3 (10-40%) եւ H2O (5-10%), երկրորդականները՝ TiO2, Fe2O3, FeO, MnO, MgO եւ այլն։ Կաւի բաղադրութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղան կաւային հանգային՝ կաոլինիտը, մոնտմորիլոնիտը, հիդրոփայլարները։ Խառնուրդներու մեծ պարունակութեան դէպքին մէջ, կաւը կը փոխակերպուի նստուածքային այլ ապարներու՝ աւազակաւերու, մերգելներու։ Կաւը եւ կաւային թերթաքարերը կը կազմեն երկրակեղեւի նստաուծքային բոլոր ապարներու կէսէն աւելին։

Կաւը կ'առաջանայ սիլիկատային տարբեր ապարներու հողմահարումէն, հողմահարման նիւթերու՝ ջրաւազաններուն մէջ վերանստեցման ճանապարհով (լճային եւ ծովային կաւ), ջրահոսքերու հուներուն մէջ՝ (ալիւուիալ, պրոլիւուիալ կաւ) եւ սառցադաշտերու միջոցով (մորէնային կաւ)։ Կաւը ունի գործնական խոշոր նշանակութիւն (կ'օգտագործուի թուղթի, ռետինի, կերպընկալի, օծանելիքի արտադրութեան մէջ, մետալուրգիային մէջ, արդիւնաբերութեան այլ ճիւղերուն մէջ) եւ արդիւնահանուած է շատ մեծ քանակութեամբ։

Կաւէն կ'արտադրուին կոպիտ խեցեգործական իրեր (ամանեղեն, խողովակներ, աղիւս, կղմինտր եւ այլն), պլաստիկ տեսակներէն՝ անոթներ, արձանիկներ, քանդակներու բնօրինակներ, որոնք կամ կը կտրուին այլ նիւթով (պրոնզ, մարմար, պազալտ, ճենապակի եւ այլն), կամ թրծուած։

Կաւի փափկութիւնը քանդակագործին հնարաւորութիւն կ'ընձեռնէ հասնելու արտայայտչականութեան բազմազանութեան։ Ըստ կարեւորութեան, կազմութեան եւ թեքնիք պահանջներու առանձնացուած է կաւի չորս խումբ՝ կոպիտ-սերամիկական, հրակաւ եւ դժուարահալ, կաոլիններ, մոնտմորիլոնիտային։

Տարածուածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանքավայրեր կան Ուքրանիոյ մէջ, Ուրալի, Ղրիմի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ մէջ եւ այլն։ Հայաստանի մէջ լայնօրէն տարածուած են կաւի տարբեր տեսակներ։

ՀՀ-ի մէջ տարածուած են կաւի տարբեր տեսակներ։ Յայտնի են Նոյեմբերեանի բենթոնիտային կաւերու ու ցեոլիթներու հանքավայրը, Սարիգիւղի բենթոնիտային կաւերու հանքավայրը եւ այլն[1]:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայաստանի Բնաշխարհ Հանրագիտարան, էջ 83, 2006։